Յուլիս 14-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

Հայաստանի և Ֆրանսայի ռազմավարական գործընկերութիւնը կը զարգանայ բոլոր առանցքային ուղղութիւններով. Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մաքրոնին:
«ԹՐԻՓՓ»-ի շրջանակին մէջ սահմանային անվտանգութեան և մաքսային վերահսկողութեան գործառոյթները Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛իրականացնեն. Պետական քարտուղարութիւն:
Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր գործընկերութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը:
Թուրքիան կը սպառնայ Հրէական պետութեան գոյութեան և յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւն կը վարէ. Նեթանիահուն՝ Թրամփին:
Ամերիկան և Իրանը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են:
Եմէնի հութիները Սէուտական Արաբիոյ Ապհա միջազգային օդանակայանը հարուածած են:
Ուքրանոիյ հարցը պէտք չէ ստուերի տակ առնէ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները. Փեսքով:
Լիբանանն ու Իսրայէլը բանակցութիւնները վերսկսած են Հռոմի մէջ։
Անի Զէյթունցեան









