Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած ռուս խաղաղապահներու ընտանիքներուն կը տրամադրուի 1 մլն․ ռուբլի օգնութիւն. Սլուցքի:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը յորդորէ երկիր այցելող Հայաստանի քաղաքացիներուն ձեռք բերել առողջական ապահովագրութիւն:
Երուսաղէմի մէջ անվտանգութեան զինուած աշխատակիցները շուներով եկած են «Կովերու պարտէզ» և պահանջած, որպէսզի կալուածը ազատուի հայկական ներկայութենէն :
Ամբողջ աշխարհի վրայ նկատուած է հակահրեական միջադէպերու աճ. Եւրոպայի յանձնաժողով:
Նեթանիահուն կառավարութեան նիստերէն հեռացուցած է նախարարներէն մէկուն՝ միջուկային զէնքի հնարաւոր կիրառման մասին յայտարարութեան համար:
Իսրայէլ կրկին բացած է դէպի հարաւ Կազայի բնակիչներու տարհանման միջանցքը:
Իսրայէլ ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պատերազմի ծախսերը գնահատեց 51 միլիառ տոլար:
Կազայի հատուածին զոհուած է ՄԱԿ-ի 88 աշխատակից:
Փութին դեռ հայտարարութիւն չէ ըրած 2024 թուականի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին. Փեսքով՝ նախագահի պաշտօնին Փութինի՝ կրկին առաջդրուելու վերաբերեալ Ռոյթերզի հրապարակման մասին:
Անի Զէյթունցեան









