Օգոստոս 27-ը 60 երկվայրկեանի մէջ. Արևմտահայերէն լուրեր
Ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը տարուին Գորիս-Որոտան և Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածները վերաբանալու համար. յայտնեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:
ՀՀ ԱԳ նախարարը ՌԴ դեսպանին հետ հանդիպմանն անդրադարձաւ Գորիս-Կապան ճանապարհի փակման։
Այդ գործողութիւնը կատարուած է մեր խաղաղութեան օրակարգը հարուածելու համար. վարչապետ Փաշինեան՝ Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրադրութեան մասին:
Արշակ Կարապետեանն ընդունեց ՀԱՊԿ Միացեալ շտապի պետի առաջին տեղակալը:
Իրան յոյս ունի, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանային խնդիրները պիտի լուծուին խաղաղ մթնոլորտի մէջ:
Արցախի գլխաւոր դատախազը հանդիպում ունեցաւ Մարտակերտի մէջ տուն ներխուժած ատրպէյճանցիէն խոյս տուած դեռահասների ընտանիքին հետ:
Սեպտեմբեր 19-ին Գեղարքունիք մարզին մէջ պիտի կազմակերպուի «ՀՀ վարչապետի գաւաթ» հեծանիւով մրցաշարքը:
«Թալեպան» շարժումը արգիլելու է երաժշտութիւնը Աֆղանիստանի մէջ:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 522 նոր դէպք: Առողջացած է 359, մահացած՝ 11 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան









