Դեկտեմբեր 8-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին՝ իր թեկնածութիւնը Նոպէլեան մրցանակի առաջադրելու համար:

Ձեր շարունակական գործընկերութեան շնորհիւ մենք պիտի հասնինք անկարելիին. Թրամփ՝ Փաշինեանին:

Վրաստանի երկաթուղիին յանձնարարուած է վառելիքի մէկ անգամուան երկաթուղային փոխադրութիւնը բոլորովին անվճար կատարել Հայաստան:

Ալիև Պաքուի մէջ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկած է փոխադարձ հետաքրքրութեան հարցեր:

Զելենսքին պատրաստ չէ հաստատելու ամերիկեան ծրագիրը. Թրամփ:

Ամերիկայի՝ 2026-ի պաշտպանական պիւտճէն կը կազմէ մրցակցային 901 միլիառ տոլար. 400 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը պիտի յատկացուի Քիևին։

Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու Ամերիկայի ծրագիրին 2-րդ շրջանը մօտ է. Նեթանիահու:

Թաիլանտ-Քամպոտիա սահմանին մարտեր բռնկած են, մէկ զինուոր զոհուած է. լրատուամիջոցներ։

Հրդեհ՝ Հնդկաստանի մարդաշատ գիշերային ակումբներէն մէկուն մէջ. առնուազն 25 անձ զոհուած է, վիրաւորներ կան։

Անի Զէյթունցեան

logo
Eurovision
qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©