Մարտ 22-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԱԱրման Գալոյան

Արտակ Դաւթեան իրաւունքի ուժով ստանձնեց Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը: Վարչապետը հրամանատարական կազմին  ներկայացուց Գլխաւոր շտապի նորանշանակ պետը:

Զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ չէզոքութիւն պիտի պահպանէ. Արտակ Դաւթեանը ուղերձ հղեց:

1920 թուականին Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերը եւ 2020-ին քաղաքի բռնազաւթումը յանցագործութիւն են մարդկութեան դէմ. Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը  յայտարարութիւն տարածեց ջարդերու 101-րդ տարելիցին առիթով:

Հայ ռազմագերիներու հանդէպ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը եւ խոշտանգումները կրնան հաւասարազօր ըլլալ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանքեց Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին:

Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 506 նոր դէպք: Ունինք 432 առողջացած եւ մահուան 12 դէպք:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում