Ապրիլ 23-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

Պատմական հնարաւորութիւն ունինք, որ Հայաստան թռիչքներու հանգոյց դառնայ. Փաշինեան:

Հաստատուած խաղաղութիւնը հիմնուած է փոխ վստահութեան վրայ. Անվտանգութեան խորհուրդի  քարտուղար:

Պապիկեան և Քոպախիծէ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու անդրադարձած են:

Անկեղծ բանակցութիւններու գլխաւոր խոչընդոտը յանձնառութիւններու խախտումն է. Փեզեշքիան:

Հորմուզի նեղուցին վերաբացուիլը անկարելի պիտի ըլլայ հրադադարի լուրջ խախտումներու պարագային. Ղալիպաֆ:

Անգլիան և Ֆրանսան Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը վերականգնելու հարցով խորհրդաժողով մը հրաւիրած են: 

Ամերիկայի Ծերակոյտը 5-րդ անգամ մերժած է Իրանի դէմ պատերազմ վարելու՝ Թրամփի լիազօրութիւնները սահմանափակող օրինագիծը:

Իսրայէլ Լիբանանի գրաւեալ հատուածներուն մէջ տուներ կը քանդէ:

Փութին պատրաստ է հանդիպիլ Զելենսքիին հետ միայն խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար. Փեսքով:

Արքայազն Հարին չյայտարարուած այցելութեամբ Քիև ժամանեց:

Անի Զէյթունցեան

logo
Eurovision
qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©