Յունուար 5-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց համայն հայութիւնը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով:

2026 թուականը յայտարարենք ոչ միայն կրթուելու, այլև՝ մեզմէ  մեր լաւագոյն տարբերակը կերտելու տարի. Աննա Յակոբեան:

Թրամփ չի հաւատար Փութինի նստավայրը հարուածելու մասին Ռուսաստանի յայտարարութիւններուն. BBC:

Տանիմարքի և Կրինլանտի  կառավարութիւններուն ղեկավարները քննադատած են Ամերիկայի նախագահ Տոնալդ Թրամփի մեկնաբանութիւնները կղզիի վերաբերեալ:

Տոնալտ Թրամփ չի բացառեր Քոլոմպիայի մէջ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան դէմ պայքարի պատրուակով ռազմական գործողութիւն կատարելու հաւանականութիւնը։

Պէյճինկ  դատապարտած է Մատուրոյի ձերբակալութիւնը Ամերիկայի կողմէն:

Եւրամիութիւնը հանդէս կու գայ Վենեզուելլայի մէջ ժողովրդավարութեան խաղաղ անցումի օգտին, որը պէտք է կատարեն իրենք վենեզուելլացիները. Քայա Քալաս:

Վենեզուելլայի ժամանակաւոր առաջնորդը Ամերիկային համագործակցութիւն  առաջարկած է:

Ռուպիօն պիտի ստանձնէ Վենեզուելլայի կառավարումը. Bloomberg:

Անի Զէյթունցեան

logo
Eurovision
qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©