Փետրուար 17-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

ԼԼիլիթ Ասատրյան

Փութինի հետ ծրագրուած հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ շատ շուտով. Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու և Ռուսաստանի միջև բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 Փետրուարին Ռիատի մէջ:

Բանակցութիւնները նուիրուած պիտի ըլլան ուքրանական կարգաւորման հարցին. Փեսքով:

Ուքրանիոյ  հարցով բանակցութիւններուն Քիևն ու Եւրոպան աւելի ուշ պիտի մասնակցին. Մարքօ Ռուպիօ:

Ուքրանիոյ հարցով բանակցութեան հաշուի պիտի առնուի Եւրոպայի կարծիքը, բայց եւրոպացիները չեն մասնակցիր. Քելոկ:

Մաքրոն Եւրամիութեան  առաջնորդներու հանդիպում մը կը կազմակերպէ՝ Ուքրանիոյ հարցով դիրքորոշում մշակելու համար:

Մեծ Բրիտանիան պատրաստ է խաղաղապահներ ուղարկելու Ուքրանիա:

Թուրքիան կրկին հրաւիրած է Ռուսաստանն ու Ուքրանիան  բանակցութիւններ վարելու իր տարածքին մէջ:

Զելենսքին մերժած է Ամերիկայի հետ հազուագիւտ օգտակար հանածոներու վերաբերեալ գործարքը:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը դէմ է Ռուսաստանի վերադարձին G8 ձևաչափով:

Պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Յարութեան տաճար այցելեց։

Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում