Վարչապետը աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ ժամանած է: Ան հանդիպած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլային եւ այլ գործընկերներուն հետ:
Պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Քննարկուած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Աշխատանքներ կը տարուին Ռուսաստանի, Չինաստանի եւ Ամերիկայի նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ. Փեսքով
Իրանը կարելիին չափ շուտ կ՛ուզէ համաձայնութեան գալ. Թրամփ
Ամերիկայի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 10-11 Ապու Տապիի մէջ. Ուիթքոֆ
Ռուսաստանը եւ Ուքրանիան փոխադարձ հարուածները կը շարունակեն:
Ամերիկայի մէջ այսօր սկիզբ կ՛առնեն Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները:
Նեթանիահուն կոչ ըրած է դաշնային ընդլայնուած կառավարութիւն մը ձեւաւորել՝ առանց արաբական կուսակցութիւններուն:
Թուրքիան եւ Հարաւային Քորիան աթոմային ուժանիւթի ծիրէն ներս փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են:
Անի Զէյթունցեան











