Նոյեմբեր 2-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ․ արեւմտահայերէն լուրեր

Ազգային ժողովին՝ վերջին հարց-պատասխանէն յետոյ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցով լաւատեսութիւնս կ՛աճի. Փաշինեան:

Ռուսաստանը պիտի օգնէ Ատրպէյճանին կառուցելու եւ արդիականացնելու սպառազինութեան վերանորոգման կէտերը. Շուկաեւ:

Մոսկուան Ուքրանիոյ տարածքով առայժմ անհնար կը համարէ ռուսական կազի մատակարարումը Եւրոպա. Փեսքով:

Ուքրանիան եւ Ռուսաստանը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են. զոհեր եւ վիրաւորներ կան:

Պատրաստ եմ հանդիպիլ Թրամփին եւ Փութինին հետ Թուրքիոյ մէջ. Զելենսքի:

Ամերիկայի հետ հակամարտութեան աւարտին ուղղուած Թեհրանի եօթնօրեայ ծրագիրը խտացած է եւ կրնայ իրագործուիլ երկու օրուան մէջ. Պաղայի:

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ստորաբաժանումը յայտարարած է, որ Հորմուզի նեղուցին՝ երկու լցանաւ պայթած է ականներու վրայ:

Իլիանա Եոթովան յաղթեց Պուլկարիոյ նախագահական ընտրութիւններուն:

Ֆլորիտայի մէջ մասնաւոր օդանաւ մը վթարի ենթարկուած է. զոհեր կան:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում