Դեկտեմբեր 10-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

Մեր ռազմավարութիւնն է Հայաստանը դարձնել այնպիսի երկիր մը, որ կարենայ տարածաշրջանին մէջ ապրիլ առանց արտաքին օգնութեան. Փաշինեան:

Երևան կը հերքէ Պաքուի պնդումները, թէ Հայաստան-Եւրամիութիւն ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգը խաղաղ գործընթացին կը հակասէ. ԱԳՆ խօսնակ:

Ալեն Սիմոնեան չէ բացառած Պաքուի մէջ «3+3» ձևաչափով հնարաւոր հանդիպման Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը:

«Թրամփի ուղին» կեանքի կոչելու հարցը Ամերիկայի հետ յաճախակի կը քննարկուի, յաջողութիւնը մեծ է. Արմէն Գրիգորեան:

Հակամարտութեան էջը փակուած է, իրական խաղաղութիւն կը տիրէ. Հաճիև:

Ռուսաստան և Ուքրանիա փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են:

Զելենսքին պատրաստ է պատերազմի ժամանակ ընտրութիւններ կատարել որոշ նախապայմաններով:

Թաիլանտական զօրքերը ռազմածովային ուժերու ներգրաւմամբ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած են Քամպոտիոյ ծովային սահմանին։

Անի Զէյթունցեան

logo
Eurovision
qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©