Սեպտեմբեր 3-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

ԼԼարա Մանուկյան

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկութիւնը տարածեց. Նախորդ օրերուն Հայաստանի Զինուած Ուժերը կրակ չեն բացած հայ-ատրպէյճան սահմանի արևելեան հատուածին տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ:

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնպէս հերքեց Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:

Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը տապալելու միտուած է . Արարատ Միրզոյեան:

Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ալիևի և Էրտողանի հետ: Ատրպէյճանի ղեկավարին հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը, Թուրքիոյ ղեկավարին հետ՝ երկկողմ գործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:

«Գազպրոմ» անորոշ ժամանակով դադրեցուցած է «Հիւսիսային հոսք»-ի աշխատանքը:

Զելենսքին ողջունած է «Մեծ եօթնեակի» որոշումը ռուսական քարիւղի համար գինային շեմ սահմանելու վերաբերեալ:

Եւրայանձնաժողովը չափազանց դանդաղ կ՛արձագանգէ կազի և ելեկտրականութեան գիներու սրընթաց աճին. Շառլ Միշէլ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում