Յունիս 25-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

ՆՆարե Ոսկանյան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին:

Վարչապետը ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները:

Վթարի ենթարկուած են պայմանագրային զինծառայողներ, որոնցմէ մէկը մահացած է. Արցախի Պաշտպանութեան բանակ:

Եւրամիութեան որոշումները կողմնակալ են. Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Սէուտեան Արաբիոյ գահաժառանգի այցի նախաշեմին թրքական դատարանը փակեց Խաշըգճիի սպանութեան գործը:

Ամերիկան կ՛աջակցի Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման որևէ դիւանագիտական նախաձեռնութեան. Պլինքըն:

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը դեռ երկար կը տևէ. ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ:

Եւրամիութիւնը վերահաստատեց Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան տարածքի աշխարհաքաղաքական իւրացման իր նպատակները. Ռուսաստանի ԱԳՆ:

Սթոլթընպըրգ կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական հակամարտութիւնը բանակցութիւններու միջոցով կը լուծուի:

Թեհրան պատրաստ է քանի մը օրուան ընթացքին վերսկսիլ միջուկային գործարքի վերականգնման շուրջ բանակցային գործընթացը։

Թուրքիոյ մէջ պահանջած են մահապատիժի ենթարկել անտառային հրդեհներու մեղաւորները:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում