Մայիս 31-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԼԼիլիթ Սեդրակյան

Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութեան պիտի մասնակցի 26 քաղաքական ուժ՝ 22 կուսակցութիւն եւ 4 կուսակցութիւններու դաշինք: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին տեղադրուած է ընտրողներու անուանացանկերը` ըստ համայնքներու եւ  ընտրամասերու:

Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը մինչեւ Յունիս 4 ժամանակ տուած է Ատրպէյճանին՝ տեղեկութիւններ տրամադրելու Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին գերի առնուած վեց հայ զինծառայողներու կարգավիճակի մասին:

Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ  Սերգէյ Շոյգուն քննարկած  են հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան խնդիրը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ատրպէյճանի կողմէն հայ զինուորականներու գերեվարման մասին տեղեկութիւնները:

Եվրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին` վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու. յայտնեց Անն Լինտը:

Մեր երկրին մէջ հաստատուած է կորոնայի հիւանդութեան 34 նոր դէպք: Առողջացած՝ 227 եւ մահացած 6 անձ:

Հեղինակ՝ Անի ԶԷյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում