Հայաստանի ժողովուրդը պԷտք է կարողանայ որոշել՝ երկիրը մնայ ԵԱՏՄ անդա՞մ, դառնայ ԵՄ անդա՞մ, թէ՞ չըլլայ ո՛չ ԵՄ, ո՛չ ԵԱՏՄ անդամ. վարչապետը՝ Radio France International-ին:
Ամերիկան կը սպառնայ արգիլել Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը, եթէ շարունակուին ռուսական ուժանիւթի կայաններուն վրայ յարձակումները:
Զելենսքին Ռուսաստանը մեղադրեց Թրամփի յայտարարութենէն յետոյ ուժանիւթի ոլորտին վրայ յարձակումին համար:
Եւրոպական միութեան Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են Ռուսաստանի ռազմական-արդիւնաբերական համալիրին դէմ պատժամիջոցներու նոր ցանկը:
Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային ականի մը պայթումին հետեւանքով հրդեհ բռնկած է 750 հազար պարել քարիւղ տեղափոխող լցանաւին մէջ:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը Ռիատին կոչ ըրած է հութիներուն հետ հակամարտութեան քաղաքական լուծում գտնել:
Անի Զէյթունցեան












