Դեկտեմբեր 30-ը 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

ՎՎարդուհի Բալյան

Բոլոր ջանքերը պիտի ներդնենք, որպէսզի 2022 թուականը ըլլայ վերելքի և վերածնունդի տարի. Փաշինեան:

Հայաստանի և Ատրպէյճանի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումները պէտք է կանոնաւոր կազմակերպուին . Զախարովա:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հերքեց ատրպէյճանական «Պաքսէլ» ընկերութեան աշխատակիցներու ուղղութեամբ կրակ բանալու վերաբերեալ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներով տարածուող լուրերը:

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ըրաւ Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակել բոլոր գերիները:

Հայկական դիրքերուն վրայ յարձակման համար կասկածուող իսրայէլի ընկերութեան մեղադրանք առաջադրուած է:

Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի հետ՝ յանուն աւելի լաւ ապագայի. Լին Թրէյսիի ամանորեայ ուղերձը:

Վստահ եմ, որ 2022-ին կառավարութիւններու համատեղ ջանքերը ապահովեն գործակցութեան յետագայ յառաջընթացը. Միշուսթինը՝ Փաշինեանին:

«Միութենական պետութիւն» ձևաչափի խորացման գործին էական յառաջընթաց արձանագրուած է. Փութին:

Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 89 նոր դէպք, առողջացած է 196, մահացած՝ 7 անձ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում