Յունիս 21-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԼԼիլիթ Սեդրակյան

Նորընտիր խորհրդարանին մէջ Քաղաքացիական Պայմանագիրը  կ՛ունենայ սահմանադրական մեծամասնութիւն եւ կը կազմէ կառավարութիւն, ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Քրեմլինը կը տեսնէ Փաշինեանի կուսակցութեան վստահ յաղթանակը ընտրութիւններուն մէջ եւ կը շնորհաւորէ հայ ժողովրդը իր ընտրութեան առիթով, ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Եվրամիութիւնը  կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ աջակցելով խոր բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման. Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ՝ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հայաստանի խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ տեղի ունեցած խախտումները չեն ազդեր քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ. միջազգային դիտորդները գնահատած են Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու օրինականութիւնը:

Պատգամաւորներ՝ Տաթեւիկ Հայրապետեանն ու Սօս Աւետիսեանը, Եվրոպայի Խորհրդարանական խորհուրդի վեհաժողովին բարձրացուցին գերիներու հարցը:

Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 26 նոր դէպք: Ունինք 63 առողջացած եւ մահուան 1 դէպք:

Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում