Մայիս 7-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԱԱրման Գալոյան

Պայքար՝ քրէական ենթամշակոյթի դէմ. ձերբակալուած է «օրէնքով գողի»՝ քրէական բարձրագոյն կարգավիճակ ունեցող անձ:

Գերիներուն հանդէպ վերաբերմունքի եւ սպանութիւններու առնչութեամբ յստակ իրաւական պահանջք ներկայացուցած ենք. յայտնեց գլխաւոր դատախազը:

Հայաստան ատրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները վերադարձուցած է, նոյնիսկ 2014 թուականին անչափահաս սպաննելու համար դատապարտուած երկու անձերը. յայտարարեց Աննա Նաղդալեան:

Վահրամ Դումանեան Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ կատարուող գործողութիւններու մասին նամակ յղած է UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէնին:

Գեղամ Հովէյեան ընտրուեցաւ Հաշուեքննիչ պալատի անդամ:

Ազգային ժողովի 50-էն աւելի պատգամաւորներ եւ աշխատակիցներ պատուաստուած են քորոնա ժահրի դէմ:

Հայաստանի մէջ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 356 նոր դէպք: Առողջացած է 1034, մահացած՝ 17 անձ:

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում