Օրը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԱԱրման Գալոյան

Եվրամիութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին հայ գերիներու վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրամադրել Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան։ 

Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, Զիուած ուժերու յանցագործութիւններու դէպքերուն առիթով յարուցուած է մօտ 100 քրէական գործ:

Տուշանպէյի մէջ քննարկուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան  անդամ  երկիրներու ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու վտանգները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Կազանի մէջ մասնակցեցաւ  Եվրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին։

Յաջորդ շաբթուընէ՝ պատուաստուած քաղաքացիները ճամփորդելու ատեն այլեւս թեստ-քննութիւն չեն յանձներ, յայտնեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան: 

Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 656 նոր դէպք. առողջացած է՝ 882, մահացած՝ 16 անձ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում