Մարտ 24-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԱԱրման Գալոյան

Հայաստանի մէջ վերցուեցաւ ռազմական դրութիւնը: Խորհրդարանը ընդունեց ընդդիմադիրներու նախագիծը:

Ընտրութիւնները կ՛իրականացուին համամասնական ընտրակարգով: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը որոշած է երթալ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու: Այդ մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ:

Բանակի կառուցուածքը, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է համապատասխանեցուին ստեղծուած սպառնալիքին, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ու Ռուսաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը քննարկած են հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբերու գործողութիւնները, Սիւնիքի անվտանգային խնդիրներու լուծման առնչուող հարցեր։

Ազգային անվտանգային ծառայութիւնը բացայայտած է քրէակատարողական հիմնարկի ծառայողի կողմէն կաշառք ստանալու դէպք:

Եվրախորհրդարանի` խումբ մը պատգամաւորներ համատեղ կոչով դիմած են Ատրպէյճանին՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները:

Հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 1164 նոր դէպք: Առողջացած է 313, մահացած՝ 14 անձ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում