Յունուար 31-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արևմտահայերէն լուրեր

ՄՄերի Եգորյան

Արմէն Սարգսեան հրաժարականի դիմումը ետ չէ վերցուցած:

Հայաստանն ու Գերմանիան այսօր կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը:

Ոչ ոք շահագրգռուած է Ռուսաստանի և Ուքրանիոյ յարաբերութիւններու սրմամբ. Զաս:

Եվրամիութիւնը կազի շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ ուրիշ երկիրներու հետ՝ ռուսական մատակարարման ընդհատման պարագային:

Տոկաև յայտարարած է, որ Քրեմլին պայմաններ չէ ներկայացուցած ՀԱՊԿ ուժերը Ղազախստան ուղարկելէն առաջ:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը երկխօսութեան շահագրգռուածութեան նշաններ կը տեսնէ Ռուսաստանի քով։

Էմանուէլ Մաքրոն Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ հեռախօսազրոյցին կոչ ըրած է արագցնել բանակցութիւնները Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ:

Իսրայէլի նախագահ Իցհակ Հերցոգ առաջին անգամ պատմութեան մէջ պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելեց:

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 1362 նոր դէպք, առողջացած է 286, մահացած 7 անձ: 

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում