Հալեպի հայկական ցույցին միացել են նաև Արաբական Հանրապետության պաշտոնյաները

ՄՄարիա Գաբրիելյան

Հազարաւոր հայորդիներ, մասնակցութեամբ տեղացի ժողովուրդին, փակեցին Հալէպի ամենաբանուկ փողոցներէն մէկը եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն դէմ բողոք բարձրացուցին:

Ազիզէի հրապարակը հաւաքուած ցուցարարներուն միացան Սուրիոյ խորհրդարանէն, Հալէպի նահանգային խորհուրդէն, Սուրիոյ մէջ գործող տարբեր համայնքներու, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Շեյխ Ջեմալ Համմաշ - Կհարցնէք՝ ինչու հայերուն հետ կը մասնակցիմ այս ցոյցին, սակայն հարց պէտք է տալ այն ժամանակ երբ չեմ մասնակցիր, որովհետեւ հայերուն զօրակցիլը ե՛ւ սուրիական, ե՛ւ միջազգային, ե՛ւ մարդկային պարտաւորութիւն է: Թուրքիոյ հարց կ՛ուղղեմ, դեռ չկշտացա՞ր սուրիացիներու, լիպացիներու, իրաքցիներու արիւնէն: Ի՞նչ է ուզածդ, հեռացիր մեզմէ, բաւ է հրդեհ բռնկեցնես, որովհետեւ այդ հրդեհը վերջաւորութեան քեզ հովը տանող մոխիր պիտի դարձնէ:

Ռամի Խուրի (Սիրիայի Ազգային սոցիալական կուսակցության ներկայացուցիչ) - Մենք պէտք է սորվինք եւ սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որ Իսլայէլն ու Թուրքիան միեւնոյն դրամին երկու երեսներն են: Այն արիւնը, որ Թուրքիոյ պատճառով թափուեցաւ Սուրիոյ մէջ, այսօր նոյն պատճառով կը թափուի Արցախի մէջ: Կը մասնակցիմ այս ցոյցին՝ բողոքելու մարդկային ամենասարսափելի ցեղասպանութեան դէմ, որ դար մը առաջ գործուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ եւ որ այսօր կը գործուի Արցախի մէջ:

Բողոքի ձայները հաստատեցին, որ Թուրքիոյ անմիջական աջակութեամբ է, որ Սուրիայէն Ատրպէյճան կը փոխադրուին վարձական ահաբեկչական խմբաւորումները:

Նիզար ՔուեՖաթի (Արաբական սոցիալիստական կուսակցութեան անդամ) - Մենք դէմ ենք Հայաստանի եւ Պաղեստիտի դէմ գործուած ոճիրներուն: Այս նոյն նսեմ օսմանցին է, որ ներխուժեց Սուրիա եւ այսօր կը ներխուժէ Հայաստան եւ Արցախ:
Մենք հայ ժողովուրդի կողքին ենք, որովհետեւ ան իրաւատէր է:

Սենաա Ֆախր Ադ Դին (Սիրիայի խորհրդարանի անդամ) - Մենք կը զօրակցինք հայերուն անոնց բոլոր քայլերուն մէջ: Կասկած չկայ հայերը պիտի յաղթեն, որովհետեւ անոնք իրաւատէր են, անոնք են հողին տէրը: Պատմութիւնը պիտի արձագանգէ հայոց յաղթանակը:

Ցոյցին մասնակցողները երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն վանկարկեցին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, ի մասնաւորի ոճրագործ Էրտողանի դէմ, զանիկա ահաբեկիչ անուանելով:

Բասել Խարաթ (Սիրիայում Ազգային արաբական երիտասարդություն կազմակերպության նախագահ) - Մեր ազգային պարտականութիւնը մեզ կը մղէ կենալ հայ ժողովուրդի կողքին:
Արիւնարբու թուրքը կը ջանայ թուրքականութեան իր ծրագիրը իրականացնել եւ կրկին ցեղասպանութեան ենթարկել հայ ժողովուրդը: Մենք կը զօրակցինք հայկական բանակին ու հայ ժողովուրդին:

Հալէպահայութիւնը հաստատեց, որ այնպէս ինչպէս պաշտպանեց սուրիական հայրենիքը, նոյն թշնամիին դէմ պիտի պաշտպանէ Արցախ հայրենիքը:

Արամ Ավագյան - Մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար: Պիտի յաղթենք:

Սուրիացիները, որ լաւապէս ճանչցած են միջազգային նենգ նախագիծերով առաջնորդուող ահաբեկչական վարձկան խմբաւորումներու էութիւնը, կը գիտակցին, որ անոնց գոյութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն տուեալ տարածաշրջանի երկիրներուն այլ ընդհանրապէս ողջ մարդկութեան:

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում