Նոյեմբեր 18-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արեւմտահայերէն լուրեր

Տուպլինի մէջ վերահաստատեցինք այն, ինչ նախապէս պայմանաւորուած էինք. Փաշինեան՝ Ալիեւի հետ հանդիպման մասին:

Նոր Սահմանադրութեան ուղերձը մէկն է՝ բոլոր ուղղութիւններով հակամարտութիւններու էջը կը փակենք եւ խաղաղութիւնը կը դարձնենք անշրջելի. Փաշինեան:

Խուդաթեան Իրանի փոխնախագահին հետ քննարկած է ուժանիւթի ծիրէն ներս Հայաստան-Իրան գործակցութեան օրակարգին առնչուող հարցեր:

Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի. Վատեֆուլ:

Ռուսաստանի եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները եղած են եւ կը մնան անսասան. Սի Ծինփին՝ Փութինին:

Ուքրանական կողմը անօդաչուներով հարուածած է Քրասնոտարի նաւթամշակման գործարանները:

Ռուսական անօդաչուներու ներխուժման պատճառով Մոլտաւիոյ օդային տարածքը ժամանակաւորապէս փակուած է. Սանտու:

Սլովաքիոյ մէջ Ռոպերթ Ֆիցոյի հրաժարականը կը պահանջեն:

Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում