Մայիս 18-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ՆՆարեկ Սահակյան

Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի ամբողջ բնագիծերով իրադրութիւնը լիարժէք վերահսկուած է հայկական Զինուած ուժերուն կողմէ. Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրադրութեան փոփոխութիւններ չկան:

Ամերիկեան կողմը անընդունելի կը համարէ Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերուն կատարած գործողութիւնները. Փաշինեանի հետ հարցազրոյցին յայտնեց Ամերիկայի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվան:

Եկեղեցւոյ  գմբէթները «վերականգնման» անուան տակ հանուած են՝ առանց հոգեւոր համայնքի մասնակցութեան. Կրօնական միջազգային ազատութեան Ամերիկայի յանձնաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վիճակով:

Ավստրալացի քաղաքական գործիչը երկրի կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը:

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար Գագիկ Բեգլարեան ձերբակալուած եւ 50 միլիոն գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է:

Օրուան քորոնաթիւը 212 է, առողջացած՝ 323, մահացած 13 անձ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում