Մարտ 30-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ՆՆարե Ոսկանյան

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ քննարկած է Արցախի սրբավայրերը պղծելու եւ ոչնչացնելու փաստացի միջադէպերը։

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն մէջ չընդգրկուած խումբ մը պատգամաւորներուն հետ. Անդրադարձած են ներքաղաքական իրավիճակին, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Hello Trust կազմակերպութեան կողմէն Արցախի մէջ լրտեսութիւն կատարելու, Արցախի ականապատուած տարածքներու քարտէզը թրքական յատուկ ծառայություններուն փոխանցելու դէպքը քրէական գործ ընդունուած է․ Կը յայտնէ Արցախի քննչական կոմիտէն:

Իսրայելցի վերլուծաբանները կը յորդորեն Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թեմային անդրադարձած է Jerusalem Post-ը:

Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 750 նոր դէպք: Ունինք 509 առողջացած եւ մահուան 21 դէպք:

Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում