Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած, որքան ալ Ատրպէյճանը այդպէս յայտարարէ. Վարչապետը այցելեց Արագածոտնի մարզ, զրուցեց քաղաքացիներուն հետ։

Հադրութի մէջ հայկական եկեղեցւոյ մօտ գերեզմանոցը ենթարկուած է վանտալիզմի. Կրօնական ազատութեան Ամերիկայի յանձնաժողովի զեկոյցը։

Մենք պէտք չէ մոռնանք կամ լռենք այդ սահմռկեցուցիչ իրադարձութեան մասին՝ Բայտընի աւագ օգնականը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան թեմային։

Արարատեան դաշտին մէջ ծիրանենին սկսած է ծաղկիլ։ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը լուսանկար հրապարակած է: 

Իսկ յառաջիկայ օրերուն տեղումներ կը սպասուին՝ շրջաններու զգալի մասին մէջ․ յայտնեց Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը:

Իսկ մեր երկրին մէջ քորոնայի թիւերը կը բազմանան. Հաստատուած է 1071 նոր դէպք, առողջացած է 459, մահացած՝ 12 անձ:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում