Մարտ 12-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ

ԼԼիլիթ Գասպարյան

Կասեցուած են զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները բուքի պատճառով: Որոնումները վաղը կը շարունակուին:

Մարտ 16-էն 20 Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի կատարեն մարտավարական զօրավարժութիւններ:

Երկրապահ կամաւորականներու միութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ աններելի համարելով ներքին անկայունութեան շարունակութիւնը եւ կոչ ընելով համախմբուիլ:

Մենք, ընդհանուր առմամբ, կը նկատենք եւ՛ Պաքուի, եւ՛ Երեւանի ցուցաբերած կառուցողական վերաբերմունքը. ըսաւ Զախարովա

Թուրքիոյ մէջ պատահած Երկրաշարժը զգացին Արմաւիրի եւ Երեւանի բնակիչները:

Հանրային քննարկման դրուեցաւ նախադպրոցական կրթութեան պետական նոր չափորոշիչ նախագիծը:

Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է հիւանդութեան 818 նոր դէպք, ունինք 277 առողջացած, մահուան 4 դէպք:

Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում