Այս օրերուն մանաւանդ, որքա՜ն կարիքը ունինք Աստուծոյ օրհնաբեր ներկայութեան. Արամ Ա

«Տեառնընդառաջը յատուկ կարեւորութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս, որովհետեւ ան կը յիշեցնէ մեզի մանուկ Յիսուսին տաճար ընծայումը: Ինչպէս Աւետարանը կը պատմէ, Յիսուսի ծնունդէն 40 օրեր ետք, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, Անոր ծնողքը զԻնք տաճար տարաւ՝ Աստուծոյ ընծայելու: Աւանդութիւն մը յարգելու սովորական երեւոյթ մը չէ սա, այլ Աստուծոյ մեր պատկանելիութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է։
Հետեւաբար, Աստուծմէ հեռու մեր կեանքը իր իմաստը ու նպատակը կը կորսնցնէ։ Աստուծոյ պէտք է ընծայենք մեր զաւակներն ու մեր անձերը՝ որպէս Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ։ Այս օրերուն մանաւանդ, որքա՜ն կարիքը ունինք Աստուծոյ օրհնաբեր ներկայութեան»:







