Հոկտեմբեր 21-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ. արեւմտահայերէն լուրեր

«TRIPP զարգացման ընկերութիւնը» մշտապէս պէտք է պատկանի Ամերիկայի կառավարութեան, եւ չի կրնար ծախուիլ կամ երրորդ կողմ ներգրաւել. Միրզոյեան:

Մեզի յայտնի չէ որեւէ իրաւական միջոց, որմով ԵԱՏՄ անդամ որեւէ թիւով պետութիւնները կրնան որեւէ երկրի կամ երկիրներու հանել ԵԱՏՄ-էն. Միրզոյան:

Ատրպէյճանը Թուրքիոյ 31 քաղաքացիները անցանկալի անձեր յայտարարած է:

Փեզեշքիան Ամերիկային կոչ ըրած է պատժամիջոցներն ու սպառնալիքները վերացնել՝ Իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու համար:

Հարստացուած ուրանը Իրանէն դուրս չի հանուիր. Ռեզայի:

Սպիտակ տունը կրկին յայտարարեց, որ Ամերիկան Իրանի վրայ չի յարձակիր մինչեւ Քոնկրեսի ընտրութիւնները:

Փութին-Զելենսքի հանդիպումը պարտադիր չէ Ուքրանիոյ հարցով գործարքի համար. Թրամփ:

Ուիթքոֆը Սան Փեթերպուրկի մէջ Զելենսքիին ներկայացուցած խաղաղութեան նոր առաջարկները Փութինին հետ քննարկած է:

logo

Official broadcaster of the Eurovision Song Contest

Eurovision

Ներբեռնեք հավելվածը

qr
App StoreGoogle Play
FacebookXInstagramYouTubeLinkedIn

©2026 1tv.am

Նախագծվել է՝ MATEMAT-ում