88 տարեկանին մահացաւ Հռոմի Ֆրանսիս Պապը:
Հայաստանի վարչապետն ու Արտաքին գործոց նախարարը ցաւակցութիւն յայտնած են աշխարհի կաթողիկէ համայնքին:
Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են Սիւնիք մարզի Խոզնավար բնակավայրին ուղղութեամբ. տուժածներ չկան. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ամերիկա-Իրան անուղղակի բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ուեննայ Օմանի մէջ. Պաղայի:
Զգոյշ լաւատես եմ հիւլէական հարցով բանակցութիւններու հեռանկարներուն առումով. Արաքչի:
Թրամփ տեղեկացուցած է Իսրայէլը , որ չուզեր աջակցիլ Իրանի հիւլէական կեդրոններու վրայ հարուածներուն. Financial Times:
Քիևն ու Մոսկուան զիրար մեղադրած են Զատկի հրադադարի խախտման համար:
Ռուսաստանն ու Ամերիկան ուքրանական հարցի ուղղութեամբ կ՛աշխատին. Փեսքով:
Մոսկուան չէ արձագանգած 30-օրուան զինադադարի առաջարկին. Զելենսքի:
Ամերիկան կը փափաքի վերահսկողութիւն սահմանել Զապորոժիէ ադոմակայանի յարակից տարածքներուն նկատմամբ. The Wall Street Journal:
Ամերիկան Լոնտոնի մէջ պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններուն:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան