Ատրպէյճանի Պաշտպանութան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկութիւն տարածել, թէ իբրև հայկական կողմը կրակ բացած է Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ. Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Հայաստան այսօր ալ պատրաստ է միջազգային փորձագէտներու ներգրաւմամբ ստուգել Ատրպէյճանին յանձնուած ականապատ դաշտերու քարտէզներուն ճշգրտութիւնը. Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ:
Ռուսաստանը Հայաստանին և Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ զսպուածութիւն ցուցաբերել, քայլեր ձեռնարկել լարուածութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ. Զախարովա:
Ռուսաստան կ՛ակնկալէ յստակ պայմանաւորուածութիւններ՝ Կապանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր հյուպատոսարան բանալու ժամկէտներու վերաբերեալ. Զախարովա:
Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ վստահութիւն կառուցելու քայլեր սկսիլ. Ալիև:
Եւրոպական դատարանի որոշումները Ատրպէյճան չի կատարեր. Ալիև:
Չինաստան կը հերքէ ուքրանական պատերազմին իր զինուորներու մասնակցութեան մասին պնդումը:
Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ ակումբի մը տանիքը փլուզուած է, կան զոհեր և վիրաւորներ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան