Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկութիւն տարածել որ, իբրև թէ հայկական կողմը կրակ բացած է ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ատրպէյճանի խորհրդարանի պաշտօնեան մերժած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ կարծիքներ փոխանակելու՝ Սարգիս Խանդանեանի առաջարկը:
Իրան մեծ նշանակութիւն կու տայ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու. Իրանի նախագահի խորհրդական:
Եթէ Միացեալ Նահանգներ կամ Իսրայէլ Իրանը ռմբակոծեն, Թեհրան ստիպուած պիտի ըլլայ շարժիլ միջուկային զէնքի ստեղծման ուղղութեամբ. Ալի Լարիճանի:
Իսրայէլ Պէյրութի հարաւային արուարձանները ռմբակոծեց. կան զոհեր և վիրաւորներ։
Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը ՆԱԹՕ-ին չի դիտարկուիր. Թրամփ:
Չինաստան լայնածաւալ զօրավարծութիւններ կը կատարէ Թայուանի մօտերը:
Վրաստանի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներ արձանագրելու գործը» ընդունուած է:
Հռոմի Ֆրանսիս Պապի որոշմամբ՝ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը պիտի սրբադասուի:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան