Կազայի հատուածին հրադադար պիտի հաստատուի. գերիները և պահուող անձերը ազատ պիտի արձակուին:
Յոյսով ենք՝ որ համաձայնագիրը կարևոր դեր պիտի խաղայ պաղեստինցի և իսրայելցի ժողովուրդներու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Մոսկուան իր պատրաստակամութիւնը կը վերահաստատէ ՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով ատրպէյճանցի և հայ գործընկերներուն աջակցելու. Զախարովա:
Եթէ Քուրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը արհամարհէ Անգարայի կոչը, Թուրքիան իր նպատակներուն կը հասնի այլ մեթոտներով. Էրտողան:
Ֆրանսան պէտք է մասնակցի Ուքրանիոյ բանակցութիւններուն. Ժան-Նոէլ Պարօ:
Թէ՛ Ուքրանիան, թէ՛ Ռուսաստանը ստիպուած են զիջումներու երթալու. այդ հարցով Ուաշինկթընը պէտք է հասնի հավասարակշռութեան. Մարքօ Ռուպիօ:
Ամերիկայի պետական քարտուղարի թեկնածուն յայտարարած է, որ Փանամայի ջրանցքի վերահսկողութիւնը մտացածին խնդիր չէ:
Ամերիկայի մէջ մեծահարուստներ պիտի ձևաւորուին, որոնք պիտի սպառնան մեր ժողովրդավարութեան. Պայտըն նախագահի պաշտօնին՝ վերջին ուղերձը:
Անի Զէյթունցեան