Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները Ուաշինկթընի մէջ ռազմավարական համագործակցութեան մասին փաստաթուղթ ստորագրեցին։
Հայաստանի պալանսաւորուած և պալանսաւորման արտաքին քաղաքականութիւնը կը հասնի իր առաջնային հանգրուանին. Փաշինեան:
Ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը աւելի անվտանգ ու խաղաղ Հարաւային Կովկասի ստեղծման պիտի նպաստէ․ Պլինքըն:
ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները տեսակցած են Պաքուի մէջ պահուող հայերուն. Անոնց տրուած է հարազատներուն հետ կապի կարելիութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսաստանի դեսպանին յանձնեց բողոքի յայտագիր:
Քանի դեռ մեր ՀԱՊԿ գործընկերները չեն փոխած իրենց վերաբերմունքը, մեր դիրքորոշումը օրինական է, կը բխի Հայաստանի շահերէն. Պապիկեան:
Ռուսաստան-Իրան համաձայնագիրը ռազմական դաշինք չենթադրեր. Արաքչի:
Իրան պատերազմէն չի վախնար, բայց պատերազմ ալ չի ցանկար. Փեզեշքիան:
Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Կազան, կան տասնեակ զոհեր և վիրաւորներ:
Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհները կը շարունակուին:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան