Վարչապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Ներդրումներու աջակցման կեդրոն» հիմնադրամի խորհրուդի նիստը:
Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ անդամ պետութիւններու արտակարգ և լիազօր դեսպանները:
Ամերիկայի մէջ քննարկուած են հայ-ամերիկեան պաշտպանական գործընկերութեան ընթացքին և տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը կախուած է Հայաստանէն և Ատրպէյճանէն, ոչ թէ Ամերիկայէն. Միլլըր:
Հայաստանի նախագահը Ղազախստանի Հանրային կառավարման ակադեմիոյ մէջ ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Զուիցերիոյ օրէնսդիրները կոչ կ՛ընեն Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ խաղաղութեան միջազգային համաժողով մը կազմակերպելու:
Վրաստան չի մասնակցիր Պոլսոյ մէջ «3+3» հարթակի նիստին:
Գերմանիոյ, Ֆրանսայի և Լեհաստանի եւրոպական հարցերով նախարարները համատեղ նամակ մը ուղղած են Վրաստանի իշխանութիւններուն՝ կոչ ընելով «ազատ և արդար ընտրութիւն» կազմակերպել։
Թուրքիոյ մէջ 6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը պատահած է:
Իսրայէլ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է աւելցնէ Կազային. Սպիտակ տուն:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան