Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:
Զգալիօրէն նուազած է բաց հարցերու թիւը. Պայրամով՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններու մասին:
Միրզոյեան աշխատանքային այցով Ուաշինկթըն պիտի մեկնի՝ մասնակցելու ՆԱԹՕ գագաթնաժողովի՝ միջոցառման:
Ատրպէյճան, Ղազախստան, Ղրղզիստան, Տաճկիստան և Ուզպեքիստան համատեղ վարժանքներ կը կատարեն:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընտրութեան նախնական արդիւնքները յայտնի են. Մաքրոնի դաշինքը երկրորդն է:
Մաքրոն վարչապետ Գաբրիէլ Աթալէն խնդրած է պարտականութիւնները շարունակել:
Քիև և Ուքրանիոյ շարք մը քաղաքներ զանգուածային հրթիռակոծութեան ենթարկուած են, կան զոհեր:
Հունկարիոյ վարչապետը Վոլոտիմիր Զելենսքիէն և Վլատիմիր Փութինէն յետոյ Փեքինի մէջ հանդիպած է Սի Ծինփինի հետ:
Մեծ Բրիտանիոյ նոր կառավարութիւնը պիտի արագցնէ Քիևին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը:
Հնդկաստանի վարչապետը Ռուսաստան կը գտնուի:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան