Փաշինեան և Խաչատուրեան շնորհաւորական ուղերձ յղած են Պայտընին Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով:
Պաքուն դժգոհ է Եւրոպայի խորհուրդի Խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէի յայտարարութենէն:
«Amnesty International»-ը կոչ ըրած է Պաքուին ազատ արձակել անարդարացի կալանաւորուած անձերը։
Էրտողան չի մասնակցիր Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, ան Գերմանիա պիտի մեկնի՝ ֆութպոլ դիտելու:
Քրեմլին Էրտողանի միջնորդութիւնը բացառեց Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններուն:
Մեր առաջարկները կարելիութիւն կու տան դադրեցնելու ռազմական գործողությունները Ուքրանիոյ մէջ. Փութին:
Ուքրանիան կը քննարկէ ատրպէյճանական կազի տարանցման հնարաւորութիւնը Եւրամիութիւն:
Եւրամիութիւնը մտադիր է շարունակել Ռուսաստանէն կազի մատակարարումը Ուքրանիոյ տարածքով:
Վրաստանի և Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները ունին ռազմավարական բնոյթ, սակայն ատոնք վերամեկնարկի կարիք ունին. Քոպախիծէ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան