Արտակարգ իրավիճակը կառավարելու հրատապ շտապի նիստ հրաւիրուած է Փաշինեանին գլխաւորութեամբ:
Տարերային աղէտի պատճառով կայ առնուազն 4 զոհ. դեռ կան մեկուսացուած բնակավայրեր. մեծ վնասներ կրած է երկաթուղին:
Գետի մակարդակը իջած է, Բագրատաշէն գացող ճամբան բացուեցաւ։
Դիմումի պարագային Ռուսաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներն ու միջոցները անյապաղ Հայաստանի տարերային աղէտի շրջաններ կ՛ուղարկուին. Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն դէմ պատժամիջոցներու մասին Ամերիկայի Քոնկրեսի օրինագիծի համահեղինակներուն թիւը աւելցած է:
Պլինքըն զգուշացուցած է Վրաստանը, որ յառաջիկայ ամիսները վճռորոշ են Եւրամիութեան անդամակցելու համար:
ՆԱԹՕ-ի նպատակն է Ուքրանիոյ հարցով խուսափիլ Ռուսաստանի հետ ուղիղ բախումէն. Սթոլթընպըրգ:
Չինաստանի, Ճափոնի և Հարաւային Քորիայի ղեկավարները հանդիպեցան:
24 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Ֆրանսայի նախագահը պետական այցելութիւն կատարեց Գերմանիա:
ՀԱՄԱՍ հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ:
Հեղինակ՝ Անի Զեյթունցեան