Ալեն Սիմոնեան չի բացառեր, որ սահմանազատումը նոյն՝ 1976-ի քարտէզներով պիտի շարունակուի նաև Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքով:
Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի միջուկային ծրագիրին. Կրոսսի:
Գլխաւոր քարտուղարը ուշադիր կը հետևի Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին. ՄԱԿ:
Իրանի նախագահական ուղղաթիռի կործանման պատճառը թեքնիքական անսարքութիւնն էր. IRNA:
Թաւրիզի մէջ հրաժեշտ կու տան երկրի նախագահին ու բարձրաստիճան միւս պաշտօնեաներուն:
Իրանի նախագահի արտահերթ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 28-ին:
Արևմտեան շարք մը պետութիւններ դէմ արտայայտուած են Միջազգային քրէական դատարանի դատախազի որոշումին և կոչ ըրած են չնոյնացնել Նեթանիահուն ՀԱՄԱՍ-ի առաջնորդներուն հետ:
Եւրամիութիւնը մտադիր է Մոլտաւիոյ և Ուքրանիոյ անդամակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական բանակցութիւններ սկսիլ Յունիս 25-ին. Politico:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան