Վարչապետը այցելեց Կիրանց, Բերքաբեր, Ոսկեպար՝ բնակիչներուն հետ հանդիպելու:
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած է:
Խաղաղապահներուն ժամկէտէն առաջ դուրս ելլելը կ՛իրականանայ Ռուսաստանի և Ատրպէյճանի ղեկավարներուն համատեղ որոշմամբ. Հաճիև:
Փարիզ Ատրպէյճանի մէջ իր դեսպանը ետ կանչեց խորհրդակցութիւններու համար:
Պաքուի յայտարարութիւնները Փարիզի հասցէին միշտ եղած են միայն պատասխան Ֆրանսայի ապակառուցողական գործունէութեան. Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Սըրպիոյ դէմ կիրառուող ճնշումներուն պատճառով Վուչիչ Ալիևէն աջակցութիւն խնդրած է:
Տարածաշրջանի երկիրները կարող են յոյս դնել Իրանի զինուած ուժերուն վրայ. Ռայիսի:
Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է. Էրտողան:
Վրաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծը: Ցուցարարներուն և իրաւապահներուն միջև բախումներ եղած են:
Տուպայ քաղաքը հեղեղուած է վերջին 75 տարուան ամէնէն զօրաւոր անձրևներով:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան