Վարչապետ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանին հետ երկու օրուան աշխատանքային այցով Ֆրանսա մեկնած է:
Սպառազինութիւնը, որը Ատրպէյճան ձեռք կը բերէ, ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանը կայունացնելու համար չէ. Արմէն Գրիգորեան:
Ռուս զինծառայողները Եւրամիութեան դիտորդներուն մուտքը Ներքին Հանդ խոչընդոտած են. Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:
Քամիլ Զեյնալին ազատ արձակուած է և Պաքու կը վերադառնայ:
ՀԱՊԿ անդամ երկիրները նպատակադրուած են զարգացնել դաշնակցային յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ. Տասմակամպետով:
Եւրամիութեան անդամ երկրի թեկնածուի կարգավիճակը՝ նոր մակարդակի ջանքեր կը պահանջէ Վրաստանէն. Պորել:
Առանց Ամերիկայի օգնութեան՝ Ուքրանիան ստիպուած պիտի ըլլայ որոշել, թէ որ քաղաքները պահեն. Փենթակոն:
Ամերիկան Կազայի մէջ հրադադարի մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձևը ընդունելուն կրկին արգելք հանդիսացաւ:
Եւրամիութիւնը համաձայնութեան եկած է Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ փաթեթի հարցով:
Թրքական հինգերորդ սերունդի կործանիչը առաջին թռիչքը կատարած է:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան