Ասթանայի մէջ քննարկուած են փոխադրութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի և Ղազախիստանի համագործակցութեան հեռանկարները:
Եւրամիութիւնը Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգեց մինչև 24, Փետրուար 2025 թուական:
Պուտափեշտ չի պատրաստուիր Ռուսաստանի դէմ 13-րդ փաթեթը արգիլել, թէև այն սխալ կը համարէ. Սիարթօ:
Ատրպէյճան հերթական մարդասիրական օգնութիւնը ուղարկեց Ուքրանիա:
Գանատան 800 անօդաչու թռչող սարք պիտի տրամադրէ Ուքրանիոյ:
Զելենսքին Ուքրանիոյ և Լեհաստանի սահմանին հսկիչ անցակէտերու շարունակական արգելափակումը «ծաղր» անուանեց:
Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին բանաձև մը ներկայացուց, որմով Իսրայէլին կոչ կ՛ըլլայ յարձակումը չշարունակել Ռաֆահի վրայ. The Guardian:
Եւրամիութեան 27 անդամներէն 26-ը համաձայնած են Ռաֆահի վրայ Իսրայէլի որևէ յարձակումի դէմ նախազգուշացնող յայտարարութեան շուրջ. Պորել:
Պրազիլ ետ կանչեց Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը Պրազիլի նախագահ Լուլա տա Սիլվան «անցանկալի անձ» յայտարարուելէն յետոյ:
Անի Զէյթունցեան