Պելկորոտի մարզին մէջ «Իլ-76» օդանաւ մը կործանուած է․ բացի անձնակազմէն՝ օդանաւին մէջ եղած են Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու փոխանակման ենթակայ 65 ռազմագերիները:
Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ վաւերացուց Շուէտի անդամակցութեան յայտը ՆԱԹՕ-ին:
Շուէտի անդամակցութեան յայտի վաւերացումը ՆԱԹՕ-ին Թուրքիոյ ինքնիշխան որոշումն է. Փեսքով:
Կը մնայ ափսոսանք յայտնել, որ Անգարան կը գործէ ոչ թէ ամբողջ մարդկութեան, այլ առանձին դաշինքի շահերէն ելլելով. Քոսաչով:
Լաւրով և Իսրայէլի ներկայացուցիչը զիրար կշտամբած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:
Իսրայէլ և ՀԱՄԱՍ համաձայնութիւն ձեռք բերած են մէկ ամսուան զինադադարի շուրջ. Reuters:
ՀԱՄԱՍ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատանդներու ազատ արձակման նոր համաձայնութեան քննարկում սկսելու. WSJ:
Գերմանիան Ուքրանիոյ 6 տարբեր տեսակի ուղղաթիռներ պիտի տրամադրէ:
Թրամփ և Պայտըն Նիւ Հեմփշիր նահանգի ներկուսակցական ընտրութիւններուն յաղթած են:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան