Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն ու Լուիս Պոնօն քննարկած են հայ-ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը:
Հռոմի Պապը կոչ ըրած է Հայաստանին և Ատրպէյճանին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու:
Ատրպէյճանի նախագահի ընտրութեան մասնակցելու համար առաջադրուած է 17 թեկնածու:
Եթէ աշխարհի վրայ խաղաղապահ ըլլալ կ՛ուզէք, մեզ անհրաժեշտ են եւրոպական զինուած ուժեր. Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարը կոչ ըրած է Եւրամիութեան միասնական բանակ ստեղծելու:
Շառլ Միշէլ մտադիր է մասնակցելու Յունիսին կայանալիք Եւրախորհրդարանի ընտրութիւններուն:
Գերմանիոյ մէջ ագարակապանները մէկ շաբթուան գործադուլ սկսած են:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական և հանրապետական կուսակցութիւնները համաձայնութեան եկած են 2024 թուականի պիւտճէի հարցով։
Սէուտեան Արաբիան որոշած է ամբողջ աշխարհի վրայ նուազեցնել քարիւղի գիները:
Իսրայէլ ռմբակոծած է Լիբանանի մէջ «Հեզպոլլահ»-ի բազմաթիւ կառոյցներ, Լիբանանէն արձակուած հրթիռն ալ խոցած է Իսրայելի Քիրիաթ Շմոնա քաղաքը:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան