Առնուազն 19 հազար անձ հատած է Կոռնիձորի անցակէտը. տեղահանուածներէն աւելի քան 2500-ը կեցութեան վայրով ապահովուած է:
Ստեփանակերտի պայթումին պատճառով ծանր և ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ եղողներուն բժիշկները օդային ճամբով Հայաստան տեղափոխած են:
Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին որոնումներու արդիւնքով տարհանուած է 8 աճիւն և 10 քաղաքացի:
Ամերիկայի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կարիքներուն համար կը յատկացնէ 11,5 միլիոն տոլար. ըսաւ Սամանտա Փաուըր՝ Կոռնիձորի մէջ:
Եւրամիութիւնը 5 միլիոն եւրոյով կ՛աւելցնէ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամին պատճառով յառաջացած կարիքներուն համար:
Շուէտը Կարմիր խաչին 15 միլիոն շուէտական կրոն կը յատկացնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական կարիքներուն համար:
ՄԱԿ-ը, Ֆրանսան պատրաստ են աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերուն:
Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային մարդասիրական անարգելք հասնելու հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ. Պորէլ:
Փութինն ու Ռայիսին քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան