Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ հերթական սադրանքի տեղեկատուական նախապատրաստութիւն իրականացնել. ԼՂ ՊՆ:
Սեպտեմբեր 9-ին ԼՂ Ազգային ժողովի յատուկ նիստ պիտի գումարուի. նախագահի թեկնածուն Սամուէլ Շահրամանեանն է:
ԼՂ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Սահմանադրական կարգի տապալման սպառնալիքներու պարագային պատրաստ է վճռական գործողութիւններու:
Շրջափակման ընթացքին ԼՂ տնտեսութեան հասցուած է մօտ 515 միլիոն տոլարի վնաս:
Կարմիր խաչի միջոցով 10 բուժառու Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած է:
Երթուղիներու բացումն ու ուղիղ բանակցութիւնները առանցքային են չլուծուած խնդիրները լուծելու համար. Եուրի Քիմը՝ Պայրամովին:
Պէտք է միջոցներ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հետապնդումները դադրեցնելու համար. Ռէյչըլ Թոմաս:
Ամերիկան 665 միլիոն տոլար կը տրամադրէ Քիևին ռազմական ծախսերը հոգալու համար:
Եւրամիութիւնը Վրաստանի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար տրամադրած է 62 մլն․ եւրօ:
Հայաստանի և Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիներուն համար վիզային դրութիւնը վերցուած է:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան