Ատրպէյճանի զինուժը Սարուշէնի ուղղութեամբ հրադադարը խախտած է` կիրառելով հրաձգային զէնք:
Խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ Պաքուն դեռ չէ արձագանգած հայկական կողմի առաջարկներուն. Մհեր Գրիգորեան:
Հայաստանի նախագահին հաւատարմագրերը յանձնած է Եւրամիութեան նոր դեսպան Վասիլիս Մարակոս:
Կովկասի խաղաղութիւնը մեզի համար նոյնքան կարևոր է, որքան տան խաղաղութիւնը․ Ապտոլլահիան:
Սոչիի մէջ Փութին ու Էրտողան հացահատիկի գործարքի ապագան քննարկած են:
Թուրքիոյ մէջ տարեկան գնաճը անցած է 58 տոկոսը:
Ուքրանիոյ մէջ Պաշտպանութեան նախարար Ռեզնիքով պաշտօնէն կը հրաժարի:
Քիև յայտարարած է, որ կը ճեղքէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան առաջնագիծը Զապորոժիէի մէջ:
Ամերիկայի Արդարադատութեան նախարարութիւնը ցանկութիւն ունի Քիևին փոխանցելու Ռուսաստանի սառեցուած հաշիւները:
Պայտըն յայտարարած է Սի Ծինփինի հետ հանդիպման մտադրութեան մասին:
Նեթանիահուն մտադիր է երկրէն արտաքսել՝ էրիթրեիացի փախստականները անկարգութիւններուն պատճառով:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան