Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են պարեկութիւն կատարող ԵՄ դիտորդներուն և անոնց մեքենային ուղղութեամբ:
Ատրպէյճան կը ձգտի միջազգային ուշադրութիւնը շեղել ցեղային զտում իրագործելուն միտուած գործողութիւններէն. ԼՂ Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ 10 բուժառու ուղեկցողներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած են:
Ատամ Շիֆ Պայտընին յորդորած է շտապ հրաւիրել ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ դադրեցնելու ատրպէյճանի շրջափակումը:
Կեղծ մեղադրանքները չեն շեղեր միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Պաքուի ցեղային զտման քաղաքականութենէն. Մարուքեան:
Փրակ հրաժարեցաւ տեղադրել Քեմալ Աթաթուրքի արձանը:
Ուքրանիան յայտնեց երկրի տարածքին զանգուածային հրթիռակոծման մասին:
Ուքրանիան թիրախաւորած է Ռուսաստանի Պելկորոտ մարզի գիւղերէն մէկը:
Ռուսաստան կրնայ վերանայիլ քասէթային զինամթերք չկիրառելու մասին որոշումը․ Շոյգու:
Հաուայեան կղզիներուն մէջ հրդեհներու զոհերուն թիւը հասած է 99-ի:
Էթնա հրաբուխը ժայթքելու պատճառով Քաթանիոյ օդակայանը աշխատանքը դադրեցուցած է:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան