Ատրպէյճանի զինուժը Շուշիի շրջանին մէջ հրադադարը խախտած է՝ կիրառելով հրաձգային զէնք:
Պաշտպանութեան բանակը հերքեց Ատրպէյճանի յայտարարութիւնը, թէ ԼՂ օդային տարածքով թռիչքներ կատարող քաղաքացիական օդանաւներուն GPS համակարգերը ճնշած է:
Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահը հրաժարականի դիմում կը ներկայացնէ:
Մեծ Բրիտանիան Լաչինի միջանցքի արգելափակման հարցը պէտք է բարձրացնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդին․ լորտ Ալթըն:
Եւրոպայի խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւորը Գերմանիոյ կառավարութեան և Եւրամիութեան կոչ ըրած է ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ:
Հոլանտան անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակով:
Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները Կոռնիձորի մէջ ծանօթացան ստեղծուած իրավիճակին և հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն հետ, որոնք չեն կրնար տուն վերադառնալ:
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ուժերը կանխած են ուքրանական անօդաչուներու յարձակումը Մոսկուայի վրայ. Սերկէյ Սոպիանին:
Ուքրանիոյ մէջ կասեցուցած են գրեթէ 20 հազար տղամարդու անօրինական մեկնումը երկրէն:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան