Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ամրաշինական աշխատանքներ չեն կատարած Ասկերան, Քարվաճառ շրջաններուն մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ատրպէյճան արգելափակեց Կարմիր Խաչի մուտքը Լաչինի միջանցք և մաքսանենգութեան համար մեղադրեց կառոյցը:
Կարմիր խաչին պատկանող ոչ մէկ արգիլուած նիւթ յայտնաբերուած է. կազմարեպութեան յայտարարութիւնը:
Ատրպէյճանի պետական քարոզչամեքենան Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը Պաքուին ենթարկելու ապօրինի պահանջք կը շրջանառէ. Գեղամ Ստեփանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը խափանուած է արդէն 183 օրէ:
Եւրախորհրդարանը և Եւրամիութիւնը դատապարտած են Ատրպէյճանի դեսպանին սպառնալիքները Հայաստան այցելած եւրոպայի պատգամաւորներու հասցէին:
Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Անգարայի ձգտումներուն՝ Եւրամիութեան լիիրաւ անդամ դառնալուն. Սպիտակ տուն:
Ֆրանսան պիտի սկսի մեծ հեռահարութեան հրթիռներ մատակարարել Ուքրանիոյ․ Մաքրոն:
Մոսկուան համարժէք քայլեր կը ձեռնարկէ՝ ի պատասխան ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման հնարաւորութեան․ Լաւրով:
Իսրայէլի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին դատաիրաւական բարեփոխումներու դէմ:
Անի Զէյթունցեան